Զարդիս – Ստեղծարար գրագիտութիւն

1. Եկէ՛ք ծանօթանանք հեղինակին

Իզապէլ Մինեոս Մարթինս

Իզապէլին ամենէն սիրած առեղծուածը հետեւեալն էր. «մենք ինչե՞ր կրնանք ընել բառերով եւ բառերը ինչե՞ր կրնան ընել մեզմով»։

Իզապէլ 1974 թուականին ծնած է Լիզպոն։ Ան միշտ սիրած է ընթերցել եւ զանազան պատմութիւններ լսել իր մեծ հօրմէն, մեծ մօրմէն, դրացիներէն, մօրաքոյրերէն եւ ընկերներէն։

Իզապէլ աւարտած է Լիզպոնի Գեղարուեստական Գոլէճի հաղորդակցութեան ձեւաւորման բաժինը։ Որոշ ժամանակ հաղորդակցութեան գործակալութիւններու մէջ աշխատելէ ետք, իր երկու ընկերներով հիմնած է «Փլանեթա Թանճերինա» հրատարակչութիւնը։

2014 թուականին Փլանեթա Թանճերինան հրատարակած է «Գիրք՝ ամէն օրուան համար» գիրքը, որմէ յետոյ Իզապէլ սկսած է բազմաթիւ գիրքեր գրել։ Քոմփոշթելայի պատկերազարդ գիրքերու միջազգային մրցոյթին մէջ իր ստեղծագործութիւնը տեղ գտած է «Ճերմակ ագռաւներու ցուցակ»ին մէջ, գրաւելով պատուոյ առաջին տեղը։ Ան նաեւ մանկական գրականութեան հեղինակներու SPA/RTP (2015), Կիւսթաւ Հէյնմանի անուան խաղաղութեան (2017) եւ գերմանական երիտասարդական գրականութեան (2017) առաջնութեան մրցանակներու տէր է։

Իզապէլին ամենէն սիրած մրցանակը 2013-ին Պոլոնիայի Մանկական Գրականութեան ցուցահանդէսին Փլանեթա Թանճերինային շահած «լաւագոյն հրատարակչութիւն» մրցանակն է, որովհետեւ ան կը ներկայացնէ համագործակցութեան ուժը։

Մատալենա Մաթոզօ

Մատալենան 1974 թուականին ծնած է Լիզպոն։ Յաճախած է Լիզպոնի Գեղարուեստական Գոլէճ եւ բարձրագոյն ուսումը ստացած է Պարսելոնայի Գեղարուեստական համալսարանի գծանկարչութեան խմբագրական ձեւաւորման բաժինին մէջ։

1999-ին իր երկու ընկերներով հիմնած է նկարազարդումի եւ գծանկարչութեան հրատարակչութիւն մը՝ «Փլանեթա Թանճերինա»։

2006 թուականին Փլանեթա Թանճերինան սկսած է հրատարակել պատկերագիրքեր։

2009 թուականին Մատալենա ստացած է յատուկ յիշատակումի մրցանակ մը, Նկարազարդումի Ազգային Մրցանակաբաշխութեան մէջ։

2008-ին ան ստացած է նկարազարդումի ազգային մրցանակը Թէքսթօ Էտիթօրէս հրատարակչութեան Ալիս Վիէիրայի հեղինակած «Կենդանիներուն հանելուկը» գիրքով։