Զարդիս – Ստեղծարար գրագիտութիւն

1. Եկէ՛ք ծանօթանանք հեղինակին

Տուկլաս Ատամս

11 Մարտ 1952 թուականին ծնած է Քէմպրիճ, Անգլիա։

Աւարտած է Քէմպրիճ համալսարանի Ս. Ճոնս գոլէճը։ Անգլիական գրականութեան ճիւղէն պատուոյ աստիճանով շրջանաւարտ եղած է 1974 թուականին։ Ձայնասփիւռի, հեռատեսիլի եւ բեմադրութիւններու համար որպէս գրող եւ խմբագրող աշխատած է։ Նաեւ յառաջդիմական մը, արուեստագիտութեան գիտակ եւ հասարակական գործիչ մը եղած է։

Քրիս Ռիտէլ

13 Ապրիլ 1962 թուականին ծնած է Քէյփ Թաուն, հարաւային Ափրիկէ։

Պզտիկ տարիքէն շատ սիրած է նկարել եւ մայրը միշտ քաջալերած է զինք այս ուղղութեամբ։ 1980-ական թուականներուն սկսած է պարբերականներու մէջ աշխատիլ որպէս նկարազարդող։ Ռիտէլ նաեւ գրող է եւ իր գրած գիրքերն ալ կը նկարազարդէ։ Բազմաթիւ հրատարակութիւններու մէջ որպէս նկարազարդող աշխատած է, ինչպէս՝ «Աստղագնաց ճամբորդին ուղեցոյցը»։ Ան մրցանակակիր նկարազարդող մըն է։

«Աստղագնաց ճամբորդին ուղեցոյցը» գիրքին առաջին հրատարակութեան 42-ամեակին համար Մաքմիլըն մանկական գիրքերու հրատարակչատունը պատրաստեց իւրայատուկ հրատարակութիւն մը։ Այս իւրայատուկ հրատարակութեան նկարազարդողն է մրցանակակիր նկարիչ Քրիս Ռիտէլը։ Քրիսը, որ միեւնոյն ժամանակ այս գիրքին հիացող ընթերցող մը եղած է, իր նկարազարդումներով բոլորովին յատուկ տեսք մը շնորհած է այս հրատարակութեան։

Գիրքին հայերէն թարգմանութիւնը կատարուած է 42-ամեակին ձօնուած, Ռիտէլի կողմէ նկարազարդուած տարբերակէն։

Երբ Տուկլաս Ատամս 2001 թուականին 49 տարեկանին մահացաւ, ան բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ ձգեց, ինչպէս նաեւ համբաւաւոր «Աստղագնաց ճամբորդին ուղեցոյցը» գիրքը։ Այս գիտաերեւակայական ու երգիծական շարքը, որ սկսաւ 1978-ին սփռուիլ «Պի Պի Սի» ձայնասփիւռէն, ծնունդ տուաւ բազմաթիւ գիրքերու եւ յետոյ յայտնուեցաւ հեռատեսիլի պաստառին վրայ։ Ատամսը նաեւ կ՚աշխատէր, որ այս պատմութիւնը շարժանկարի վերածուէր։

Հանրային ձայնասփիւռէն Լիան Հանսընը, Ատամսին եւ իր «Աստղագնաց ճամբորդին ուղեցոյցը» գիրքին մասին կը զրուցէ անոր կենսագիրին հետ։

«Ատամսը միշտ կը յետաձգէր իր գործերը։ Յաճախ բեմագրութիւնները վերջին վայրկեանին կը գրէր, նոյնիսկ ձայնասփիւռի դերասանները իրենց տողերուն կը սպասէին» կ՚ըսէ «Աստղագնաց՝ Տակլըս Ատամսին կենսագրութիւնը» գիրքին հեղինակը Մ. Ճ. Սիմսըն։

Ատամսը յաճախ պատմութեան դասական կառուցուածքին հետեւելու խնդիրներ ունեցած է։

«Ընդհանրապէս Ատամսը գրելու ընթացքին կը յօրինէր։ Լաւ կառուցուածք ունեցող պատմութիւն մը սկիզբ, միջին մաս եւ վերջաւորութիւն պէտք է ունենայ։ Տուկլասը հրաշալի սկիզբներ կը գրէր, յետոյ լաւ միջին մասեր կը շարադրէր։ Բայց վերջաւորութիւններ չէր կրնար գրել, որովհետեւ երբ կը հասնէր միջին մասին, միտքը կու գար աւելի լաւ սկիզբ մը։ Վերջաւորութիւնը շարադրելու փոխարէն այդ նոր գաղափարով նոր սկիզբ մը կը գրէր» կ՚ըսէ Սիմսըն։

«Ձեր գաղափարները ուրկէ՞ կը ծնին» հարցումին Ատամսը կը պատասխանէ.

«Չեմ գիտեր, թէ ուրկէ՛ կը ծնին գաղափարները, կամ ո՛ւր կը գտնուին անոնք։ Ոչ մէկ գրող գիտէ։ Իրականութեան մէջ, այս ալ շատ ճիշդ չէ։ Եթէ խոզերուն մասին գիրք մը կը գրես, հաւանաբար ախոռի մը մէջ ժամանակ անցընելով քանի մը լաւ գաղափարներ կրնաս ստեղծել։ Բայց եթէ երեւակայածին վէպ մը կը գրես, պէտք է շատ սուրճ խմես եւ ամուր սեղան մը գնես, որպէսզի երբ գլուխդ այդ սեղանին զարնես, սեղանը չկոտրուի»։

Տուկլաս Ատամս