Զարդիս – Ստեղծարար գրագիտութիւն

1. Եկէ՛ք ծանօթանանք հեղինակին

Նկարը քաղուած է՝ michaelmorpurgo.com – Հարփըր Քոլինզ Հրատարակչութիւն

«Պատմութիւնները ձեզ կը մղեն մտածելու եւ երազելու, իսկ գիրքերը՝ հարցումներ հարցնելու»։

Քիչ մը աղմուկ… իմ մասիս

Միքայէլ եւ Քլէիր Մորփուրկօ հիմնեցին Քաղաքացի Երեխաներուն Համար Ագարակներ ծրագիրը Տեւոնի Նեթհերքոթ տան մէջ 1976-ին։

Այս բարեգործութիւնը երկիրի տարբեր քաղաքներէն ժամանող երեխաներուն գիւղի կեդրոնին գտնուող իրական ագարակին մէջ մէկ շաբաթ ապրելու եւ միասնաբար աշխատելու բացառիկ առիթ մը կ՚ընծայէ։ Ան «գործելով իւրացնելու» խիտ փորձառութիւն մըն է։ Այս ծրագիրը բոլորովին տարբեր աշխարհի մը յայտնագործումն է երեխաներուն համար, որոնք չեն գիտեր, թէ ինչպէ՛ս կը հայթայթուի իրենց սնունդը եւ կամ չունին հնարաւորութիւններ արտաքին աշխարհին հետ ծանօթանալու։

Որքա՜ն համով է հեղինակին ՀԱՑը