Ստեղծարար գրագիտութիւն

Այս կայքէջին մասին

Կարդալը եւ գրելը մասնակից դարձնող եւ ստեղծագործելու մղող գործողութիւններ են։

Այս նիւթի վարժութիւնները պատրաստուած են ստեղծագործելու ընթացքին ուղեկիցին եւ ընթերցողին օժանդակելու համար։

Այս կայքէջին մէջ իւրաքանչիւր բաժին քայլ մըն է դէպի ստեղծարար գրագիտութիւն։

Հաւատարիմ պէտք է մնալ բաժիններու եւ իրենց պարունակած վարժութիւններու յաջորդականութեան։

Պայման չէ բոլոր վարժութիւնները ամբողջացնել, սակայն իւրաքանչիւր էջէն առնուազն մէկ աշխատութիւն պէտք է գործածել, որպէսզի ստեղծագործական ընթացքը ամբողջութեամբ տեղի ունենայ։

Բաժիններու համառօտ նկարագրութիւնը՝

Այս բաժինին մէջ գիրքին մասին տեղեկութիւններ պիտի գտնէք։ Պիտի ծանօթանաք հեղինակին ու պիտի ըմբռնէք այս պատմութիւնը գրելու նպատակը։ Ընթերցողներու հետ գիրքը ուսումնասիրելու ընթացքին այս քայլը կարեւոր դեր պիտի ունենայ։

Ուղեկիցին կարդացած ստեղծագործութիւնները ըմբռնելու համար, ընթերցողները այս բաժինին մէջ յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի ստանան։ Բաժինը ունի բառամթերքի վարժութիւններ եւ փոխգործօն աշխատութիւններ, որոնք կը ներթափանցեն դէպքերու եւ գաղափարներու բուն մտապատկերներուն մէջ։

Այս բաժինի վարժութիւններուն շնորհիւ ընթերցողները կապեր պիտի ստեղծեն դէպքերուն հետ եւ պիտի արտայայտեն իրենց անձնական ըմբռնումները։ Վարժութիւնները պատրաստուած են ոչ միայն ըմբռնումը գնահատելու, այլեւ քննադատական մտածողութիւնը քաջալերելու նպատակով։

Այս բաժինին մէջ կրնաք յայտնաբերել վէպի ներկայացուցած հիմնական դասը։ Ընթերցողները տրամաբանական կապեր կը ստեղծեն իրենց կեանքերուն եւ գիրքի կերպարներուն կեանքերուն միջեւ։

Այստեղ ընթերցողները պիտի ունենան «Հեղինակի Օրագիր» մը։ Այս օրագիրին շնորհիւ պիտի ստեղծուին գրական կտորներ, որոնք կապեր պիտի հաստատեն ընթերցողներու գաղափարներու եւ վէպերուն մէջ գտնուող պատգամներու միջեւ։

Այս բաժինին մէջ իւրաքանչիւր ընթերցող առիթ կ՚ունենայ վէպին ու անոր խորունկ մտապատկերներուն մասին իր գաղափարներն ու զգացումները յայտնելու։ Այս վարժութիւնները զուարճալի պէտք է ըլլան եւ պէտք է միայն գնահատուին ըստ ցուցաբերուած ջանքի։

Այս բաժինին մէջ պիտի տեսնէք բոլոր վարժութիւնները։ Յաւելեալ ցուցմունքներու միջոցով պիտի տեղեկանաք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է օգտուիլ վարժութիւններէն եւ ի՛նչ պէտք է ըսել ընթերցողներուն։

Նիւթերը կառուցուած են պարզ հիմքի մը վրայ՝

 

Ընթերցողները պէտք է մղել մտածելու,

սակայն ոչ թէ՝ Ի՛ՆՉ մտածելու,

այլ ԻՆՉՊԷ՛Ս մտածելու։

Պէտք չէ՛ հարցնել

«Ընթերցողը ի՞նչ պէտք է իւրացուցած ըլլայ այս նիւթի աւարտին»

Այլ պէտք է հարցնել

«Ընթերցողը առանձինն ի՞նչ պիտի կարենայ ընել այս նիւթի աւարտին»

Միշտ յիշենք, թէ իւրացման ընթացքը կատարելագործելու համար ուզած ենք ուղեկից ըլլալ։