Ստեղծարար գրագիտութիւն

Ի՞նչ է ստաղծարար գրագիտութիւնը

Ստեղծարար գրագիտութիւնը պարզ ընթերցանութենէ աւելին է։ Ան «ամբողջական» մօտեցում մըն է եւ կ՚ընդգրկէ վարժութիւններ, որոնք ոչ միայն կը զարգացնեն ընթերցանութիւնը, այլեւ աւելին՝ կը կեդրոնանան իւրացման ծաւալուն ընթացքին վրայ։

Ա. ՆՊԱՏԱԿ՝

Ըմբռնել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է մասնակից դառնալ ստեղծարար գործողութեան։

Բ. ՆՊԱՏԱԿ՝

Ստեղծարար միտքով տեսնել աւելին եւ երեւակայել ապագան։

Մեր ծրագիրը կը կեդրոնանայ ընդունակութիւններու վրայ։ Հետեւաբար, դիւրին պիտի ըլլայ ընթացքը բաժնել թիրախային վարժութիւններու։ Այսպէսով, ընթերցողները իրենց ընդունակութիւնները մէկիկ-մէկիկ պիտի իւրացնեն։

Բայց…

Գրելը եւ կարդալը միապաղաղ գործողութիւններ չեն։

Ընթերցողները պէտք է ստեղծարար միտքով աւելին տեսնելու եւ ապագան երեւակայելու ընդունակութիւնը իւրացնեն։

Քննադատական եւ ստեղծարար մտածողութիւն ձեռք ձգելու համար…

Ընթերցողները պէտք է կարենան…

  1. գաղափարներ մշակել հարցադրումներու միջոցով,
  2. նիւթերը ուսումնասիրել բազմաթիւ տեսանկիւններով,
  3. իւրայատուկ ձեւերով ներկայացնել առարկութիւններ կամ լուծումներ,
  4. նոր գաղափարներ կազմելու համար համադրել տեղեկութիւնները։

«Կարդալը շունչ առնելու կը նմանի, իսկ գրելը՝ արտաշնչելու»։

Երբ երեխան գիրքին մէջ գտնուող բառերով «շունչ կ՚առնէ», անոնց իմաստները թէ՛ բառացիօրէն, թէ՛ փոխաբերաբար կ՚ըմբռնէ եւ այս բառերով կը ստեղծէ նոր արտայայտութիւններ, ապացուցած կ՚ըլլայ, որ իւրացման ընթացքը լիովին իրականացած է։

Բառերը եւ անոնց իմաստները երեխային համար արտայայտման միջոցի մը կը վերածուի եւ այսպէսով ան աւելի խորունկ կապեր կը ստեղծէ բառերուն հետ։

Երեխային եւ գիրքին միջեւ գոյացող փոխազդեցութեան շնորհիւ կը գոյանայ բարձրագոյն գրագիտութիւն։

Ճիշդ մօտեցումի, ճիշդ վերաբերմունքի եւ ճիշդ ուղեկիցի շնորհիւ բնականօրէն կը յառաջանայ իւրացման անվերջ ընթացքը։

Կեցցէ՛ այն ուսուցումը, որ ստեղծագործելու կը մղէ։